2014-10-08 11:53:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակցութիւն։


(Ռ.Վ.- 8 Հոկտեմբեր 2014), Չորեքշաբթի, 8 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, բազմահազար հաւատացեալներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւնը, պահ մը ընդհատելով` Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող ''Ընտանիքին'' նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերուն իր մասնակցութիւնը։
Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ ու յատկապէս ոչ Կաթողիկէ քրիստոնեաներու մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ Սրբազան Հայրը – անցեալ ունկնդրութիւններուն փորձեցինք ի յայտ դնել Եկեղեցւոյ բնութիւնն ու գեղեցկութիւնը, ընդգծելով թէ ի՞նչ կը նշանակէ մաս կազմել Աստուծոյ ժողովուրդին։ Սակայն մոռնալու չենք թէ կան բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր որ կը կիսեն Քրիստոսի մէջ մեր հաւատքը եւ որ կը պատկանին այլ քրիստոնեայ դաւանանքներուն։
Շատեր համակերպած են այս բաժանումին որ պատմութեան հոլովոյթին հանդիսացաւ ցաւերու եւ նոյնիսկ պատերազմներու պատճառ, այս մէկը սակայն մեծ գայթակղութիւն մըն է։
Հարց կու տամ – ըսաւ Քահանայապետը – մենք եւս համակերպա՞ծ ենք այս իրողութեան կամ կը հաւատանք որ կարելի է ետ քայլ կատարել դէպի ամբողջական միութիւն, այսինքն ամէնքս միասին մասնակցինք Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան բաժնեկցութեան։
Քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը կը վիրաւորէ Եկեղեցին, եւ կը վիրաւորէ Եկեղեցւոյ գլուխը` Քրիստոս։ Բաւարար է վերյիշել Յիսուսի խօսքերը Յովհաննէսի աւետարանին 17-րդ գլխուն մէջ` ''Հայր Սուրբ, զանոնք պահպանէ քու անունովդ, որպէսզի անոնք մէկ ըլլան, ինչպէս ես եւ դուն մէկ ենք''։ Յիսուս ուզեց որ իր առաքեալները ըլլան մէկ` իր Սիրոյ մէջ ու մեզի հասկցուց թէ մեր վկայութիւնը աւելի զօրեղ եւ հաւատալի է այնքան որ մենք կարող ենք ապրիլ հաղորդութեան մէջ։
Եկեղեցւոյ պատմութիւնը յատկանշուած է չարին փորձութիւններէն որ կը ջանայ զայն բաժնել եւ յատկանշուած է ծանր ու դաժան բաժանումներէ։ Բաժանումներ որոնց ետին կայ անձնասիրութիւն եւ սնապարծութիւն որոնք պատճառ հանդիսացան անհասկացողութիւններու եւ երկխօսութեան պակասին։
Այս իրողութեան դիմաց մեզմէ ամէն մէկը պարտականութիւն մը ունի կատարելիք։ Պէտք չէ դադրինք աղօթելէ, Յիսուսի աղօթքին հետ շարունակականութեամբ։ Աղօթքին հետ միասին Տէրը մեզմէ կը խնդրէ նորոգուած բացուածք մը հանդէպ երկխօսութեան ու հանդիպումին, ընկալելով ամէն այն ինչ որ դրական եւ վաւերական է անոնցմէ որ մեզմէ տարբեր կը մտածեն եւ տարբեր դիրք մը բռնած են։ Տէրը կը խնդրէ մեր աչքերը սեւեռել ոչ թէ բաժանում ստեղծող, այլ մեզ միացնող եղկելիութիւններուն վրայ` ճանչնալով եւ աւելիով սիրելով Յիսուսը ու բաժնեկցելով Անոր սիրոյն հարստութիւնը։ Այս կը նշանակէ յարիլ ճշմարտութեան եւ մէկը միւսը ներել ու մենք մեզ զգալ Քրիստոնեայ մէկ ընտանիքի անդամներ։
Մեծ ցաւ է քրիստոնեաներու բաժանումը – յարեց ապա Սրբազան Հայրը – սակայն ամէնքս ունինք մեզ միացնող կապ մը։ Ամէնքս կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսին, մեր Տէրը. Ամէնքս կը հաւատանք Հայր Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն ու ամէնքս կ՛ընթանանք միասին։ Օգնենք մէկը միւսին, աղօթենք մէկը միւսին համար, իրականացնելով հոգեւոր հաղորդութիւնն ու միութիւնը – հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը – մատնանշելով թէ այսօր կը նշուի իր ''առաջին հաղորդութեան'' 70 ամեակը եւ ընդգծելով թէ առաջին հաղորդութիւն կը նշանակէ նաեւ հաղորդութեան մէջ մտնել ուրիշներուն հետ եւ Եկեղեցւոյ անդամ միւս եղբայրներուն հետ։
Պատմութիւնը մեզ բաժնեց, ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը խօսքին աւարտին, սակայն մենք կ՛ընթանանք դէպի հաշտութիւն եւ հաղորդութիւն։ Երբ նպատակակէտը թուի հեռու եւ անհասանելի, յուսալքումի դիմաց մեզ թող խրախուսէ այն գաղափարը թէ Աստուած իր ականջները չի փակէր իր Միածին Որդի` Յիսուսի ձայնին դիմաց եւ կարող չէ չիրագործել Անոր ու մեր աղօթքը, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները իսկապէս մէկ ըլլան։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, մատնանշելով Հոկտեմբեր ամսուայ որպէս Սուրբ Վարդարանի աղօթքի ամիս եւ հրաւիրելով երիտասարդները միշտ դիմելու Աստուածամօր բարեխօսութեան, որպէսզի զանոնք լուսաւորէ. Հիւանդներուն թելադրեց միշտ հայցել Մարեմեան մխիթարութիւնը եւ նորապսակեալներուն յորդորեց իրենց ամուսնական կեանքի կապը ամրապնդել աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.